2 Chronicles 20
1 Chronicles « 2 Chronicles 19 ‹ 2 Chronicles 20 › 2 Chronicles 21 » Ezra
ՊԱՏԵՐԱԶՄ ՍԷԻՐԻ ԴԷՄ
1Ասկէ ետք՝ Մովաբի որդիները, Ամմոնի որդիները, եւ անոնց հետ 1Ամմոնացիներէն ալ պատերազմելու եկան Յովսափատի դէմ։
2Ուստի գացին ու Յովսափատի պատմեցին՝ ըսելով. «Քեզի դէմ ծովուն միւս կողմէն՝ Սուրիայէն մեծ բազմութիւն կու գայ, եւ ահա՛ անոնք Ասասանթամարի (այսինքն՝ Ենգադդիի) մէջ են»։
3Յովսափատ վախցաւ. Տէրը փնտռելու 2հետամուտ եղաւ՝՝, ու ծոմապահութիւն յայտարարեց ամբողջ Յուդայի մէջ։
43Յուդայեանները հաւաքուեցան՝ որպէսզի Տէրոջմէն օգնութիւն խնդրեն. Յուդայի բոլոր քաղաքներէն ալ Տէրը փնտռելու եկան։
5Յովսափատ Տէրոջ տան մէջ՝ նոր գաւիթին առջեւ կայնեցաւ, Յուդայի ու Երուսաղէմի համախմբումին մէջ,
6եւ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, մեր հայրերո՛ւն Աստուածը, դուն այն Աստուածը չե՞ս՝ որ երկինքը կը բնակիս ու կը տիրես բոլոր ազգերու թագաւորութիւններուն վրայ. քու ձեռքիդ մէջ այնպիսի կարողութիւն եւ զօրութիւն կայ, որ ո՛չ մէկը կրնայ 4քեզի դիմադրել՝՝։
7Դուն չե՞ս, ո՛վ մեր Աստուածը, որ այս երկրին բնակիչները վտարեցիր քու ժողովուրդիդ՝ Իսրայէլի առջեւէն, ու զայն յաւիտեան տուիր քու սիրելիիդ՝ Աբրահամի զարմին։
8Անոնք հոն բնակեցան, եւ հոն քեզի սրբարան մը կառուցանեցին՝ քու անունիդ համար, ըսելով.
9“Երբ մեր վրայ չարիք գայ — սուր, դատաստան, ժանտախտ, կամ սով —, եթէ մենք այս տան առջեւ եւ քու առջեւդ կայնինք (քանի այս տան մէջ քու անունդ կայ) ու մեր տագնապին մէջ քեզի աղաղակենք, լսէ՛ եւ ազատէ՛ մեզ”։
10Ահա՛ հիմա Ամմոնի ու Մովաբի որդիները, եւ Սէիրի լերան բնակիչները,— որոնց մէջ մտնել չթոյլատրեցիր Իսրայէլի որդիներուն՝ երբ Եգիպտոսի երկրէն կու գային, ուստի անոնցմէ հեռացան ու զանոնք չբնաջնջեցին,—
11ահա՛ անոնք մեզ ի՛նչպէս կը վարձատրեն. կու գան մեզ վռնտելու քու ստացուածքէդ, որ մեզի տուիր՝ անոր տիրանալու։
12Ո՛վ մեր Աստուածը, զանոնք պիտի չդատե՞ս. արդարեւ մեզի դէմ եկող այս մեծ բազմութեան առջեւ ոյժ չունինք, ու չենք գիտեր ի՛նչ ընելու ենք. ուստի մեր աչքերը 5քեզի կ’ուղղենք՝՝»։
13Բոլոր Յուդայեանները Տէրոջ առջեւ կայնած էին՝ իրենց մանուկներով, կիներով ու որդիներով։
14Այն ատեն Ասափի որդիներէն Ղեւտացի Մաթանիայի որդիին՝ Յէիէլի որդիին՝ Բանեայի որդիին՝ Զաքարիայի որդիին՝ Յազիէլի վրայ Տէրոջ Հոգին 6եկաւ համախմբումին մէջ,
15եւ ան ըսաւ. «Ո՛վ Յուդա ու Երուսաղէմի բնակիչներ, եւ դո՛ւն, Յովսափատ թագաւոր, ուշադի՛ր եղէք. Տէրը ձեզի սա՛ կը յայտարարէ. “Մի՛ վախնաք ու մի՛ զարհուրիք այս մեծ 7բազմութենէն, քանի պատերազմը ձերը չէ, հապա՝ Աստուծոյ”։
16Վաղը իջէ՛ք անոնց դէմ. ահա՛ անոնք Ասիսի զառիվերէն պիտի բարձրանան, եւ զանոնք ձորին ծայրը պիտի գտնէք, Յերուէլի անապատին առջեւ։
17Այս պատերազմին մէջ դուք պիտի չպատերազմիք. դուք ներկայացէ՛ք ու հանդա՛րտ կեցէք, որպէսզի Տէրոջ ձեզի համար իրագործած փրկութիւնը տեսնէք։ Ո՛վ Յուդա ու Երուսաղէմ, մի՛ վախնաք եւ մի՛ զարհուրիք. վաղը դո՛ւրս ելէք՝ անոնց դիմաց, ու Տէրը ձեզի հետ պիտի ըլլայ»։
18Այն ատեն Յովսափատ դէմքը մինչեւ գետին խոնարհեցուց, եւ ամբողջ Յուդան ու Երուսաղէմի բնակիչները Տէրոջ առջեւ երեսի վրայ ինկան եւ Տէրոջ երկրպագեցին։
19Կահաթեաններու որդիներէն ու Կորխեաններու որդիներէն եղող Ղեւտացիները կայնեցան եւ Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը յոյժ բարձր ձայնով գովաբանեցին։
20Առտուն՝ կանուխ ելան, ու Թեկուէի անապատը 8գացին։ Մինչ 9կ’երթային, Յովսափատ կայնեցաւ եւ ըսաւ. «Ո՛վ Յուդա ու Երուսաղէմի բնակիչներ, ինծի՛ մտիկ ըրէք. հաւատացէ՛ք Տէրոջ՝ ձեր Աստուծոյն, եւ ապահով պիտի ըլլաք. հաւատացէ՛ք անոր մարգարէներուն, ու պիտի յաջողիք»։
21Ժողովուրդին հետ խորհրդակցելով՝ Տէրոջ երգողներ 10նշանակեց, որպէսզի զինեալներուն առջեւէն 11երթալով՝ Տէրը սուրբ 12զարդարանքով գովաբանեն եւ ըսեն. «Ներբողեցէ՛ք Տէրը, որովհետեւ անոր կարեկցութիւնը յաւիտենական է»։
22Երբ անոնք օրհներգն ու գովաբանութիւնը սկսան, Յուդայի դէմ եկող Ամմոնի եւ Մովաբի որդիներուն ու Սէիրի լերան բնակիչներուն դէմ Տէրը դարան դրաւ, եւ անոնք պարտուեցան։
23Արդարեւ Ամմոնի ու Մովաբի որդիները Սէիրի լերան բնակիչներուն 13վրայ յարձակեցան՝՝, որպէսզի զանոնք անճիտեն եւ բնաջնջեն։ Երբ Սէիրի բնակիչները հատցուցին, իրարու օգնեցին որ զիրար կոտորեն։
24Երբ Յուդայեանները անապատին մէջ եղող դիտանոցը հասան՝ այդ բազմութեան նայեցան, եւ ահա՛ անոնց դիակները գետինին վրայ փռուած էին. ո՛չ մէկը ազատած էր։
25Այն ատեն Յովսափատ եւ իր ժողովուրդը անոնց աւարը կողոպտելու գացին. անոնց մէջ շատ ինչք գտան՝ դիակներուն 14հետ, նաեւ ցանկալի իրեր, ու իրենց համար կորզեցին, այնքան՝ որ ա՛լ չէին կրնար փոխադրել։ Աւարը երեք օր հաւաքեցին, որովհետեւ յոյժ շատ էր։
26Չորրորդ օրը՝ Օրհնութեան հովիտը հաւաքուեցան, 15ուր Տէրը օրհնեցին. հետեւաբար այդ տեղին անունը Օրհնութեան հովիտ կոչուեցաւ մինչեւ այսօր։
27Բոլոր Յուդայի ու Երուսաղէմի մարդիկը վերադարձան. 16Յովսափատի գլխաւորութեամբ՝՝ Երուսաղէմ վերադարձան ուրախութեամբ, քանի որ Տէրը զիրենք ուրախացուցած էր՝ իրենց թշնամիներէն ազատելով։
28Տաւիղներով, քնարներով եւ փողերով Երուսաղէմ՝ Տէրոջ տունը գացին։
29Բոլոր երկիրներու թագաւորութիւններուն վրայ Աստուծոյ երկիւղը ինկաւ, երբ լսեցին թէ Տէրը Իսրայէլի թշնամիներուն դէմ պատերազմեցաւ։
30Յովսափատի թագաւորութիւնը հանդարտեցաւ, եւ իր Աստուածը զինք շրջակայքին մէջ հանգստացուց։
ՅՈՎՍԱՓԱՏԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԱԽՃԱՆԸ (Գ. Թագ. 22. 41-50)
31Յովսափատ Յուդայի վրայ թագաւորեց. երեսունհինգ տարեկան էր՝ երբ թագաւոր եղաւ, ու Երուսաղէմի մէջ քսանհինգ տարի թագաւորեց։ Իր մայրը Սաղիի աղջիկն էր՝ Ազուբա անունով։
32Ան իր հօր՝ Ասայի ճամբայէն ընթացաւ. անկէ չշեղեցաւ, եւ ըրաւ ինչ որ Տէրոջ 17առջեւ ուղիղ է։
33Սակայն բարձր տեղերը չհանուեցան. ժողովուրդը տակաւին իր սիրտը չէր 18տրամադրած իր հայրերուն Աստուծոյն։
34Յովսափատի մնացեալ արարքները, առաջիններն ու վերջինները, ահա՛ գրուած են Անանիի որդիին՝ Յէուի 19Յուշագրութեան մէջ, որ Իսրայէլի Թագաւորներու գիրքին մէջ 20զետեղուած է։
35Ասկէ ետք Յուդայի Յովսափատ թագաւորը դաշնակցեցաւ ամբարշտութիւն գործող Իսրայէլի Ոքոզիա թագաւորին հետ։
36Անոր հետ ընկերակցեցաւ, որպէսզի Թարսիս գացող նաւեր շինեն. Գասիոն-Գաբերի մէջ շինեցին նաւերը։
37Մարեսացի Դոդիայի որդին՝ Եղիազար Յովսափատի դէմ մարգարէանալով ըսաւ. «Քանի դուն Ոքոզիայի հետ դաշնակցեցար, Տէրը քու գործդ 21քանդեց»։ Նաւերը փշրուեցան, ու չկարողացան Թարսիս երթալ։