2 Chronicles 21
1 Chronicles « 2 Chronicles 20 ‹ 2 Chronicles 21 › 2 Chronicles 22 » Ezra
ՅՈՎՐԱՄ ՅՈՒԴԱՅԻ ԹԱԳԱՒՈՐ (Դ. Թագ. 8. 16-24)
1Յովսափատ իր հայրերուն հետ քնացաւ, եւ իր հայրերուն հետ Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղուեցաւ։ Անոր տեղ իր որդին՝ Յովրամ թագաւոր եղաւ։
2Ան եղբայրներ ունէր՝ Յովսափատի որդիները.— Ազարիա, Յեքիէլ, Զաքարիա, Ազարիու, Միքայէլ ու Սափատիա։ Ասոնք բոլորը Իսրայէլի թագաւորին՝ Յովսափատի որդիներն էին։
3Անոնց հայրը շատ պարգեւներ տուաւ իրենց.— արծաթ, ոսկի ու թանկագին իրեր, նաեւ 1ամրացած քաղաքներ՝ Յուդայի մէջ. բայց թագաւորութիւնը Յովրամի տուաւ, քանի որ ան էր անդրանիկը։
4Երբ Յովրամ իր հօր թագաւորութեան 2գահին վրայ բազմեցաւ՝՝ եւ ուժովցաւ, իր բոլոր եղբայրները սուրով սպաննեց, նաեւ Իսրայէլի իշխանաւորներէն ոմանք։
5Յովրամ երեսուներկու տարեկան էր՝ երբ թագաւոր եղաւ, ու Երուսաղէմի մէջ ութ տարի թագաւորեց։
6Ան Իսրայէլի թագաւորներուն ճամբայէն ընթացաւ, ինչպէս Աքաաբի տունը ըրաւ, որովհետեւ իր կինը՝ Աքաաբի աղջիկն էր։ Տէրոջ 3առջեւ չարիք գործեց.
7սակայն Տէրը Դաւիթի տունը բնաջնջել չուզեց, Դաւիթի հետ կնքած ուխտին համար, եւ անոր ու անոր որդիներուն 4ընդմիշտ ճրագ մը տալու խոստումին համար։
8Անոր օրերը՝ Եդովմայեցիները Յուդայի ձեռքին տակէն ապստամբեցան, եւ իրենց վրայ թագաւոր մը նշանակեցին։
9Յովրամ իր իշխանաւորներով ու բոլոր կառքերով գնաց. գիշերը կանգնեցաւ, եւ զինք շրջապատող Եդովմայեցիներն ու կառքերու վերահսկիչները զարկաւ։
10Բայց Եդովմայեցիները Յուդայի ձեռքին տակէն ապստամբեցան մինչեւ այսօր։ Այդ ատեն Լեբնա ալ անոր ձեռքին տակէն ապստամբեցաւ, քանի որ ան Տէրը՝ իր հայրերուն Աստուածը լքած էր։
11Ան Յուդայի լեռներուն վրայ բարձր տեղեր ալ շինեց, ու Երուսաղէմի բնակիչներուն պոռնկիլ տուաւ. նաեւ Յուդան խոտորեցուց։
12Եղիա մարգարէէն գրութիւն մը եկաւ իրեն, որ կ’ըսէր. «Տէրը, քու հօրդ՝ Դաւիթի Աստուածը, սա՛ կը յայտարարէ. “Քանի հօրդ՝ Յովսափատի ճամբաներէն ու Յուդայի Ասա թագաւորին ճամբաներէն չընթացար,
13հապա Իսրայէլի թագաւորներուն ճամբաներէն ընթացար եւ Յուդայի ու Երուսաղէմի բնակիչներուն՝ Աքաաբի տան պոռնկութիւններուն պէս պոռնկիլ տուիր, նաեւ քեզմէ լաւ եղող եղբայրներդ — հօրդ 5որդիները — սպաննեցիր,
14ահա՛ Տէրը քու ժողովուրդդ, որդիներդ, կիներդ եւ ամբողջ ստացուածքդ մեծ պատուհասով պիտի զարնէ.
15դուն ալ 6ծանրօրէն պիտի հիւանդանաս՝ ընդերքի հիւանդութեամբ, մինչեւ որ աղիքներդ դուրս 7թափին այդ հիւանդութեան պատճառով, որ օրէ օր պիտի սաստկանայ”»։
16Տէրը Փղշտացիներուն ու Եթովպիացիներուն 8մօտերը բնակող Արաբներուն հոգին գրգռեց Յովրամի դէմ.
17անոնք ալ Յուդայի դէմ բարձրացան, 9ներխուժեցին, եւ թագաւորին տան մէջ գտնուած ամբողջ ինչքը, նաեւ անոր որդիներն ու կիները 10յափշտակեցին. անոր ո՛չ մէկ որդի մնաց, բացի իր ամենէն պզտիկ որդիէն՝ Յովաքազէն։
18Այս բոլոր բաներէն ետք՝ Տէրը զինք անբուժելի հիւանդութեամբ մը զարկաւ իր ընդերքէն։
19Շատ մը օրեր ետք, այսինքն երկու 11տարիի չափ ժամանակ անցնելէն ետք՝՝, իր հիւանդութեան պատճառով աղիքները դուրս 12թափեցան, ու 13չարչարալից հիւանդութեամբ մեռաւ։ Ժողովուրդը անոր վրայ խունկեր չծխեց, ինչպէս անոր հայրերուն վրայ ծխեր էր։
20Ան երեսուներկու տարեկան էր՝ երբ թագաւոր եղաւ, եւ ութ տարի Երուսաղէմի մէջ թագաւորեց։ Ան 14մեռաւ առանց ոեւէ մէկուն իր վրայ ողբալուն՝՝։ Զայն Դաւիթի քաղաքին մէջ թաղեցին, բայց ո՛չ թէ թագաւորներու գերեզմաններուն մէջ։