2 Chronicles 22
1 Chronicles « 2 Chronicles 21 ‹ 2 Chronicles 22 › 2 Chronicles 23 » Ezra
ՅՈՒԴԱՅԻ ՈՔՈԶԻԱ ԹԱԳԱՒՈՐԸ (Դ. Թագ. 8. 25-29։ 9. 21-28)
1Երուսաղէմի բնակիչները անոր տեղ իր ամենէն պզտիկ որդին՝ Ոքոզիան թագաւոր նշանակեցին. արդարեւ Արաբներուն հետ բանակավայրը եկող գունդերը մեռցուցեր էին բոլոր մեծերը։ Այսպէս, Յուդայի Յովրամ թագաւորին որդին՝ Ոքոզիա թագաւորեց։
2Ոքոզիա 1քառասուներկու տարեկան էր՝ երբ թագաւոր եղաւ, ու Երուսաղէմի մէջ մէկ տարի թագաւորեց։ Իր մայրը Ամրիի աղջիկն էր՝ Գոթողիա անունով։
3Ան ալ Աքաաբի տան ճամբաներէն ընթացաւ, քանի որ անոր մայրը խորհուրդ կու տար իրեն՝ ամբարշտութիւն գործելու։
4Ան Տէրոջ 2առջեւ չարիք գործեց՝ Աքաաբի տան պէս. արդարեւ իր հօր մեռնելէն ետք անո՛նք եղան իր խորհրդականները՝ իր կործանումին համար։
5Նաեւ անոնց խորհուրդով ընթացաւ, եւ Իսրայէլի թագաւորին՝ Աքաաբեան Յովրամի հետ Ռամովթ-Գաղաադ գնաց, Սուրիայի Ազայէլ թագաւորին դէմ պատերազմելու։ Ասորիները Յովրամը զարկին,
6եւ ան վերադարձաւ որպէսզի Յեզրայէլի մէջ բուժուի այն վէրքերէն, որոնք Ասորիները իրեն տուեր էին 3Ռամովթի մէջ, երբ Սուրիայի Ազայէլ թագաւորին դէմ կը պատերազմէր։ Այն ատեն Յուդայի թագաւորը, Յովրամի որդին՝ 4Ազարիա, Յեզրայէլ իջաւ, Աքաաբի որդին՝ Յովրամը տեսնելու, քանի որ ան հիւանդ էր։
7Ոքոզիայի կործանումը Աստուծմէ եղաւ՝ Յովրամի քով երթալով. արդարեւ երբ հոն հասաւ, Յովրամի հետ դուրս ելաւ՝ Նամեսսեան Յէուի հանդիպելու, որ Տէրը օծած էր Աքաաբի տունը բնաջնջելու համար։
8Երբ Յէու Աքաաբի 5տան վրայ Աստուծոյ վճիռը կը գործադրէր՝՝, Յուդայի իշխանաւորներն ու Ոքոզիայի սպասարկող Ոքոզիայի եղբօրորդիները գտաւ, եւ զանոնք մեռցուց։
9Ոքոզիան ալ փնտռեց, որ Սամարիայի մէջ պահուըտած էր։ Զայն բռնեցին, Յէուի բերելով՝ մեռցուցին, ու զայն թաղեցին, քանի որ ըսին. «Ասիկա Տէրը իր ամբողջ սիրտով խնդրող Յովսափատի որդին է»։ Այսպէս, Ոքոզիայի տունէն մէկը չմնաց՝ որ թագաւորութիւնը պահելու կարող ըլլար։
ԳՈԹՈՂԻԱ ՅՈՒԴԱՅԻ ԹԱԳՈՒՀԻ (Դ. Թագ. 11. 1-3)
10Իսկ Ոքոզիայի մայրը՝ Գոթողիա, իր որդիին մեռնիլը տեսնելով՝ կանգնեցաւ, ու Յուդայի տան ամբողջ թագաւորական զարմը կորսնցուց։
11Բայց թագաւորին աղջիկը՝ Յոսաբէ, Ոքոզիայի որդին՝ Յովասը առաւ, թագաւորին սպաննուող որդիներուն մէջէն զայն գողցաւ, ու զինք եւ իր սնուցիչը ննջարանին մէջ դրաւ։ Այսպէս՝ Յովրամ թագաւորին աղջիկը, Յովիադա քահանային կինը՝ Յոսաբէ, Ոքոզիայի քոյրը ըլլալով՝ զինք Գոթողիայի 6աչքերէն պահեց՝՝. ան ալ զինք չմեռցուց։
12Յովաս անոնց հետ վեց տարի Աստուծոյ տան մէջ պահուեցաւ, մինչ Գոթողիա կը թագաւորէր երկրին վրայ։