2 Chronicles 23
1 Chronicles « 2 Chronicles 22 ‹ 2 Chronicles 23 › 2 Chronicles 24 » Ezra
ԳՈԹՈՂԻԱՅԻ ԴԷՄ ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԻՒՆ (Դ. Թագ. 11. 4-16)
1Եօթներորդ տարին Յովիադա ուժովցաւ, եւ 1դաշինք կնքեց հարիւրապետներուն հետ՝՝, այսինքն՝ Յերոհամի որդիին՝ Ազարիայի, Յոհանանի որդիին՝ Իսմայէլի, Ովբէդի որդիին՝ Ազարիայի, Ադայիայի որդիին՝ Մաասիայի, ու Զեքրիի որդիին՝ Եղիսափատի հետ։
2Անոնք Յուդայի մէջ շրջեցան, Յուդայի բոլոր քաղաքներէն Ղեւտացիները եւ Իսրայէլի նահապետները հաւաքեցին, ու Երուսաղէմ եկան։
3Ամբողջ համախմբումը թագաւորին հետ դաշինք կնքեց Աստուծոյ տան մէջ, եւ Յովիադա անոնց ըսաւ. «Ահա՛ թագաւորին որդին պիտի թագաւորէ, ինչպէս Տէրը Դաւիթի որդիներուն մասին ըսաւ։
4Ահա՛ւասիկ ինչ որ պիտի ընէք.— ձեր մէկ երրորդը, թէ՛ քահանաներէն եւ թէ՛ Ղեւտացիներէն, որ Շաբաթ օրը իր 2պաշտօնը պիտի ստանձնէ՝՝, 3դռներուն պահապան՝՝ պիտի ըլլայ,
5մէկ երրորդը՝ թագաւորին տունը պիտի կենայ, մէկ երրորդն ալ՝ Հիմին դուռը, իսկ ամբողջ ժողովուրդը՝ Տէրոջ տան գաւիթներուն մէջ։
6Սակայն ո՛չ մէկը պիտի մտնէ Տէրոջ տունը՝ քահանաներէն ու պաշտօն կատարող Ղեւտացիներէն զատ. անոնք թող մտնեն, որովհետեւ սուրբ են. իսկ ամբողջ ժողովուրդը Տէրոջ 4պահպանութիւնը թող ընէ՝՝։
7Ղեւտացիները՝ իւրաքանչիւրը իր զէնքերը ձեռքը բռնած՝ թագաւորը բոլորաձեւ պիտի շրջապատեն։ Ո՛վ որ տունէն ներս մտնէ՝ պիտի մեռցուի։ Այսպէս՝ թագաւորին հետ պիտի ըլլաք թէ՛ ներս մտած եւ թէ դուրս ելած ատենը»։
8Ղեւտացիներն ու ամբողջ Յուդան Յովիադա քահանային բոլոր պատուիրածներուն համաձայն ըրին։ Իւրաքանչիւրը իր մարդիկը առաւ, թէ՛ Շաբաթ օրը 5պաշտօն ստանձնողները՝՝, թէ՛ ալ Շաբաթ օրը 6պաշտօնէ արձակուողները՝՝, որովհետեւ Յովիադա քահանան պաշտօն կատարող դասերը չարձակեց։
9Յովիադա քահանան Աստուծոյ տունը եղած Դաւիթ թագաւորին նիզակները, ասպարներն ու վահանները, հարիւրապետներուն տուաւ։
10Ամբողջ ժողովուրդը — իւրաքանչիւրը իր 7զէնքերը ձեռքը առած — թագաւորին շուրջը 8տեղաւորեց, տան աջ 9թեւէն մինչեւ տան ձախ թեւը, զոհասեղանին եւ տան քով։
11Թագաւորին որդին դուրս հանեցին, անոր վրայ 10թագն ու վկայութիւնը դրին, եւ զայն թագաւոր հռչակեցին։ Յովիադա ու իր որդիները զայն օծեցին, եւ ըսին. «Ապրի՜ թագաւորը»։
12Երբ Գոթողիա լսեց ժողովուրդին աղմուկը, որ կը վազէր ու թագաւորը կը գովէր, Տէրոջ տունը եկաւ՝ ժողովուրդին քով,
13ու տեսաւ թէ ահա՛ թագաւորը իր սիւնին քով՝ գաւիթին մուտքը կայնած էր, իշխանաւորներն ու փողահարներն ալ թագաւորին քով էին։ Երկրին ամբողջ ժողովուրդը կ’ուրախանար, եւ փողեր կը հնչեցնէին. երգողներն ալ նուագարաններով գովաբանութիւն կը սորվեցնէին։ Այն ատեն Գոթողիա իր հագուստները պատռեց ու ըսաւ. «Դաւադրութի՜ւն է, դաւադրութի՜ւն»։
14Յովիադա քահանան զօրագունդին վրայ նշանակուած հարիւրապետները դուրս հանեց եւ անոնց ըսաւ. «Զայն շարքերէն հանեցէ՛ք, եւ անոր հետեւողը սուրո՛վ թող մեռցուի». (արդարեւ քահանան ըսեր էր. «Զայն Տէրոջ տան մէջ մի՛ մեռցնէք»։)
15Զայն ձերբակալեցին, ու երբ թագաւորին տունը կը հասնէր՝ ձիերու դրան մուտքէն, զայն հոն մեռցուցին։
ՅՈՎԻԱԴԱՅԻ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒԹԻՒՆԸ (Դ. Թագ. 11. 17-20)
16Յովիադա ուխտ կնքեց իրեն եւ ամբողջ ժողովուրդին ու թագաւորին միջեւ, որպէսզի Տէրոջ ժողովուրդը ըլլան։
17Ամբողջ ժողովուրդը Բահաղի տունը մտաւ. զայն փլցուցին, անոր բագիններն ու պատկերները կոտրտեցին, եւ Բահաղի քուրմը՝ Մատթանը բագիններուն առջեւ մեռցուցին։
18Յովիադա Տէրոջ տան վերատեսչութիւնը Ղեւտացի քահանաներուն ձեռքը 11յանձնեց. Դաւիթ զանոնք դասերու բաժնած էր Տէրոջ տան մէջ, որպէսզի Մովսէսի Օրէնքին մէջ գրուածին համաձայն՝ Տէրոջ ողջակէզներ մատուցանեն, ուրախութեամբ ու երգով՝ ինչպէս Դաւիթ որոշեր էր։
19Դռնապանները Տէրոջ տան դռներուն քով տեղաւորեց, որպէսզի որեւէ կերպով անմաքուր եղող մարդ մը չմտնէ։
20Ապա հարիւրապետները, երեւելիները, ժողովուրդին ղեկավարներն ու երկրին ամբողջ ժողովուրդը առաւ, թագաւորը Տէրոջ տունէն իջեցուց, եւ բարձր դռնէն թագաւորին տունը մտնելով՝ թագաւորը բազմեցուցին թագաւորական գահին վրայ։
21Երկրին ամբողջ ժողովուրդը ուրախացաւ, ու քաղաքը հանդարտ 12մնաց. Գոթողիան սուրով մեռցուցած էին։