Loading...

Exodus 5

Genesis  «  Exodus 4  ‹  Exodus 5  ›  Exodus 6  »  Leviticus


ՄՈՎՍԷՍ ԵՒ ԱՀԱՐՈՆ ՓԱՐԱՒՈՆԻ ԱՌՋԵՒ

1

Յետոյ՝ Մովսէս եւ Ահարոն Փարաւոնի քով մտան ու ըսին. «Իսրայէլի Աստուածը՝ Եհովան սա՛ կը յայտարարէ. “Արձակէ՛ իմ ժողովուրդս, որպէսզի անապատին մէջ ինծի տօն կատարէ”»։

2

Եւ Փարաւոն ըսաւ. «Եհովան ո՞վ է, որ անոր խօսքը մտիկ ընելով՝ Իսրայէլը արձակեմ։ Եհովան չեմ ճանչնար, եւ Իսրայէլն ալ չեմ արձակեր»։

3

Անոնք ըսին. «Եբրայեցիներուն Աստուածը մեզի հանդիպեցաւ։ Կ’աղերսե՛նք, թո՛ղ որ երեք օրուան ճամբայ երթանք անապատին մէջ ու մեր Աստուծոյն՝ Եհովայի զոհենք, որպէսզի ժանտախտով կամ սուրով մեզի դէմ չելլէ»։

4

Եգիպտոսի թագաւորը անոնց ըսաւ. «Ո՛վ Մովսէս եւ Ահարոն, ինչո՞ւ ժողովուրդը կը հեռացնէք իրենց գործերէն. գացէ՛ք ձեր բռնի աշխատանքներուն»։

5

Փարաւոն ըսաւ. «Ահա՛ հիմա երկրին ժողովուրդը շատ է, ու դուք կը հանգստացնէք զանոնք իրենց բռնի աշխատանքներէն»։

6

Փարաւոն այդ օրը ժողովուրդին գործավարներուն եւ անոր ոստիկաններուն պատուիրեց.

7

«1Առաջուան պէս՝ ա՛լ ժողովուրդին յարդ մի՛ տաք աղիւս շինելու համար։ Իրե՛նք թող երթան ու իրենց յարդ ժողվեն։

8

Եւ աղիւսներուն քանակը, ինչպէս առաջ կը շինէին, անոնց վրայ դրէ՛ք. անկէ մի՛ պակսեցնէք։ Արդարեւ ծոյլ են, հետեւաբար կ’աղաղակեն. “Երթանք, մեր Աստուծոյն զոհենք”։

9

2Գործը այս մարդոց վրայ թող ծանրանայ, որպէսզի անով աշխատին ու 3սուտ խօսքեր մտիկ չընեն՝՝»։

10

Ժողովուրդին գործավարներն ու ոստիկանները ելան եւ ժողովուրդին խօսեցան՝ ըսելով. «Փարաւոն սա՛ կ’ըսէ. “Ես ձեզի յարդ չեմ տար։

11

Դո՛ւք գացէք, ձեզի յա՛րդ առէք՝ ուր որ կարենաք գտնել”. բայց ձեր գործէն ոչինչ պիտի պակսի»։

12

Այսպէս ժողովուրդը Եգիպտոսի ամբողջ երկրին մէջ ցրուեցաւ՝ յարդի տեղ խոզան ժողվելու համար։

13

Գործավարները կը փութացնէին զանոնք՝ ըսելով. «Ձեր ամէն օրուան գործը լմնցուցէ՛ք, ինչպէս երբ յարդ ունէիք»։

14

Փարաւոնի գործավարները ծեծեցին Իսրայէլի որդիներուն վրայ իրենց նշանակած ոստիկանները՝ ըսելով. «Ձեր վրայ դրուած աղիւսներուն քանակը երէկ եւ այսօր ինչո՞ւ չլմնցուցիք՝ առաջուան պէս»։

15

Իսրայէլի որդիներուն ոստիկանները եկան ու Փարաւոնի աղաղակեցին՝ ըսելով. «Ինչո՞ւ քու ծառաներուդ հետ այսպէս կը վարուիս։

16

Քու ծառաներուդ յարդ չեն տար, եւ մեզի կ’ըսեն. “Աղիւսնե՛ր շինեցէք”։ Ահա՛ քու ծառաներդ ծեծուեցան, մինչ յանցանքը քու ժողովուրդիդն է»։

17

Ան ալ ըսաւ. «Ծո՛յլ էք դուք, ծո՛յլ. հետեւաբար կ’ըսէք. “Երթանք Տէրոջ զոհենք”։

18

Ուստի հիմա գացէ՛ք ու գործեցէ՛ք։ Ձեզի յարդ պիտի չտրուի, բայց աղիւսներուն քանակը պիտի յանձնէք»։

19

Իսրայէլի որդիներուն ոստիկանները իրենք զիրենք չարիքի մէջ տեսան, երբ ըսուեցաւ թէ “ամէն օրուան ձեր վրայ դրուած աղիւսներուն քանակէն չպակսեցնէք”»։

20

Երբ Փարաւոնի քովէն դուրս ելան՝ Մովսէսի ու Ահարոնի հանդիպեցան, որոնք կայնած էին զիրենք դիմաւորելու,

21

եւ ըսին անոնց. «Տէ՛րը ձեզի նայի ու դատէ. որովհետեւ գարշելի ըրիք մեր հոտը Փարաւոնի 4առջեւ եւ անոր ծառաներուն առջեւ, մեզ սպաննելու համար անոնց ձեռքը սուր տալով»։


ՄՈՎՍԷՍ ԿԸ ԳԱՆԳԱՏԻ ՏԷՐՈՋ

22

Մովսէս Տէրոջ դարձաւ եւ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, ինչո՞ւ այս ժողովուրդը չարչարեցիր, ու զիս ինչո՞ւ ղրկեցիր։

23

Որովհետեւ՝ քու անունովդ Փարաւոնի խօսելու համար գալէս ի վեր՝ ան այս ժողովուրդը չարչարեց, իսկ դուն բնաւ չփրկեցիր քու ժողովուրդդ»։



1 Եբր.՝ Երէկուան ու նախորդ օրուան
2 Եբր.՝ Ծառայութիւնը
3 Եբր.՝ կեղծ խօսքերու չնային
4 Եբր.՝ աչքերուն