Exodus 23
Genesis « Exodus 22 ‹ Exodus 23 › Exodus 24 » Leviticus
ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ
1«Սուտ լուր մի՛ տանիր. 1յանցաւորին հետ ձեռքդ մի՛ դներ՝ 2անիրաւ վկայ ըլլալու համար։
2Չարիք ընելու համար բազմութեան մի՛ հետեւիր, ու դատի մէջ մի՛ 3վկայեր՝ շատերուն կողմը խոտորելով, իրաւունքը ծռելու համար։
34Չքաւորին աչառութիւն մի՛ ըներ՝՝ իր դատին մէջ։
4Երբ քու թշնամիիդ մոլորած եզին կամ իշուն հանդիպիս, ա՛նպատճառ իրեն վերադարձուր զայն։
5Եթէ քեզ ատողին էշը բեռի տակ 5ինկած տեսնես, հրաժարէ՛ զայն լքելէ. ա՛նպատճառ ազատէ էշը անոր հետ։
6Քու աղքատիդ դատին մէջ անոր իրաւունքը մի՛ ծռեր.
7Սուտ խօսքէն հեռո՛ւ կեցիր, եւ անմեղն ու արդարը մի՛ մեռցներ. որովհետեւ ես յանցաւորը պիտի չարդարացնեմ։
8Կաշառք մի՛ ստանար. քանի որ կաշառքը աչքը բաց մարդիկը կը կուրցնէ եւ արդարներուն 6խօսքերը կ’եղծանէ։
9Գաղթականը մի՛ տանջեր, որովհետեւ դուք գիտէք գաղթականին 7սիրտին վիճակը, որովհետեւ դուք ալ Եգիպտոսի երկրին մէջ պանդուխտ էիք»։
ԵՕԹՆԵՐՈՐԴ ՏԱՐԻՆ ԵՒ ՕՐԸ
10«Վե՛ց տարի սերմանէ քու հողդ եւ անոր բերքը ժողվէ։
11Բայց եօթներորդ տարին հանգի՛ստ ձգէ ու թո՛ղ զայն, որպէսզի քու ժողովուրդիդ աղքատները ուտեն, եւ անոնցմէ մնացածը դաշտին գազանները ուտեն. այգիիդ ու ձիթաստանիդ ալ նոյնպէս ըրէ։
12Վե՛ց օր քու գործդ ըրէ, բայց եօթներորդ օրը հանգստացի՛ր, որպէսզի եզդ ու էշդ ալ հանգստանան, եւ աղախինիդ որդին ու գաղթականը շունչ առնեն։
13Բոլոր ձեզի ըսածներուս ուշադի՛ր եղէք, եւ ուրիշ աստուածներու անունը մի՛ յիշատակէք, ո՛չ ալ քու բերանէդ թող լսուի»։
ԵՐԵՔ ՄԵԾ ՏՕՆԵՐԸ (Ելք. 34. 18-26, Բ. Օր. 16. 1-17)
14«Տարին երե՛ք անգամ տօն կատարէ ինծի։
15Կատարէ՛ Բաղարջակերքի տօնը. ինչպէս քեզի պատուիրեցի, եօ՛թը օր բաղարջ կեր Ապիպ ամսուան մէջ՝ սահմանուած ատենին, որովհետեւ այդ ամսուան մէջ Եգիպտոսէն ելար. ո՛չ մէկը իմ առջեւս պարապ ձեռքով թող երեւնայ։
16Կատարէ՛ նաեւ գործերուդ — արտին մէջ քու սերմանածիդ — երախայրիքին Հունձքի տօնը, ու Բերքի տօնը՝ տարուան վախճանը, երբ արտէն քու գործերուդ բերքը ժողվես։
17Տարին երեք անգամ քու բոլոր արուներդ թող երեւնան Տէրոջ՝ Եհովայի առջեւ։
18Իմ զոհիս արիւնը խմորեալ հացով մի՛ մատուցաներ, եւ իմ տօնիս ճարպը մինչեւ առտու թող 8չմնայ։
19Քու հողիդ առաջին երախայրիքը բե՛ր Տէրոջ՝ քու Աստուծոյդ տունը։ Ուլը իր մօր կաթին մէջ մի՛ եփեր»։
ԽՈՍՏՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՈՒՍՈՒՑՈՒՄՆԵՐ
20«Ահա՛ քու առջեւէդ հրեշտակ մը կը ղրկեմ, որ ճամբան պահպանէ քեզ ու իմ պատրաստած տեղս տանի քեզ։
21Ուշադի՛ր եղիր անոր եւ մտի՛կ ըրէ անոր խօսքը, մի՛ դառնացներ զայն. որովհետեւ ան ձեր յանցանքը պիտի չներէ, քանի որ իմ անունս անոր վրայ է։
22Բայց եթէ ուշադրութեամբ անոր խօսքը մտիկ ընես ու իմ ամբողջ ըսածս գործադրես, քու թշնամիներուդ թշնամի պիտի ըլլամ եւ քու հակառակորդներուդ՝ հակառակորդ։
23Արդարեւ իմ հրեշտակս քու առջեւէդ պիտի երթայ, ու քեզ Ամորհացիներուն, Քետացիներուն, Փերեզացիներուն, Քանանացիներուն, Խեւացիներուն եւ Յեբուսացիներուն պիտի տանի, ու ե՛ս պիտի անհետացնեմ զանոնք։
24Անոնց աստուածներուն մի՛ երկրպագեր ու զանոնք մի՛ պաշտեր, եւ անոնց արարքներուն համեմատ մի՛ վարուիր. հապա բոլո՛րովին տապալէ զանոնք, ու անոնց արձանները բոլո՛րովին կոտրտէ։
25Տէ՛րը՝ ձեր Աստուածը պաշտեցէք, եւ ինք պիտի օրհնէ քու հացդ ու ջուրդ։ Ձեր մէջէն հիւանդութիւնը պիտի վերցնեմ։
26Քու երկրիդ մէջ վիժող եւ ամուլ պիտի չըլլայ։ Քու օրերուդ թիւը պիտի լրացնեմ։
27Իմ երկիւղս քու առջեւէդ պիտի ղրկեմ ու խուճապի պիտի մատնեմ այն ամբողջ ժողովուրդը՝ որուն քով կ’երթաս. քու բոլոր թշնամիներուդ 9կռնակը քեզի պիտի դարձնեմ։
28Եւ քու առջեւէդ իշամեղուներ պիտի ղրկեմ, որպէսզի Խեւացիները, Քանանացիներն ու Քետացիները քու առջեւէդ վռնտեն։
29Անոնք քու առջեւէդ մէկ տարուան մէջ պիտի չվռնտեմ, որ երկիրը չամայանայ եւ դաշտին գազանները քեզի դէմ չբազմանան։
30Զանոնք քու առջեւէդ քիչ-քիչ պիտի վռնտեմ, մինչեւ որ դուն 10բազմանաս ու երկիրը ժառանգես։
31Քու սահմաններդ Կարմիր ծովէն մինչեւ Փղշտացիներուն ծովը, եւ անապատէն մինչեւ Եփրատ գետը պիտի դնեմ. որովհետեւ այդ երկրին բնակիչները քու ձեռքդ պիտի մատնեմ, ու դուն զանոնք առջեւէդ պիտի վռնտես։
32Անոնց հետ եւ անոնց աստուածներուն հետ ուխտ մի՛ կնքեր։
33Քու երկրիդ մէջ թող չբնակին, որպէսզի քեզի մեղանչել չտան ինծի դէմ. քանի որ եթէ անոնց աստուածները պաշտես, ատիկա անպատճառ քեզի որոգայթ պիտի ըլլայ»։