Loading...

Genesis 18

Genesis 17  ‹  Genesis 18  ›  Genesis 19  »  Exodus


ԱԲՐԱՀԱՄԻ ԶԱՒԱԿ ՄԸ ԿԸ ԽՈՍՏԱՑՈՒԻ

1

Տէրը երեւցաւ անոր՝ Մամբրէի կաղնիներուն քով։ Մինչ ան օրուան տաք ատենը՝ վրանին մուտքը նստած էր,

2

իր աչքերը վերցուց ու նայեցաւ, եւ ահա՛ երեք մարդիկ իր մօտ կայնած էին։ Երբ զանոնք տեսաւ, վրանին մուտքէն վազեց զանոնք դիմաւորելու, մինչեւ գետին խոնարհելով երկրպագեց,

3

եւ ըսաւ. «Իմ տէ՛րս, եթէ այժմ շնորհք գտայ քու 1առջեւդ, կ’աղերսե՛մ, ծառայիդ բնակարանէն մի՛ անցնիր։

4

Կ’աղերսե՛մ, քիչ մը ջուր թող բերուի, ու ձեր ոտքերը լուացէ՛ք եւ ծառին տակ հանգստացէ՛ք.

5

ու պատառ մը հաց բերեմ, ձեր սիրտերը կազդուրեցէ՛ք, յե՛տոյ անցէք, քանի որ ասոր համար ձեր ծառային քով եկաք»։ Անոնք ըսին. «Ի՛նչպէս ըսիր, ա՛յնպէս ըրէ»։

6

Աբրահամ շտապելով դէպի վրանը՝ Սառայի մօտ գնաց եւ ըսաւ. «Շուտո՛վ երեք գրիւ նուրբ ալիւր շաղէ ու շօթե՛ր շինէ»։

7

Աբրահամ վազեց արջառներուն քով, մատղաշ եւ լաւ հորթ մը առաւ ու երիտասարդի մը տուաւ. ան ալ շտապելով պատրաստեց զայն։

8

Կոգի, կաթ, եւ իր պատրաստած հորթը առաւ, անոնց առջեւ դրաւ, ու ինք ծառին տակ՝ անոնց քով կայնեցաւ։ Անոնք կերան,

9

եւ ըսին իրեն. «Ո՞ւր է քու կինդ՝ Սառա»։ Ինք ըսաւ. «Ահա՛ վրանին մէջ է»։

10

Տէրը ըսաւ. «2Յաջորդ տարի՝՝ անշուշտ քեզի պիտի վերադառնամ, եւ ահա՛ քո՛ւ կինդ՝ Սառա որդի մը պիտի ունենայ»։ Սառա մտիկ կ’ընէր վրանին մուտքը՝ որ անոր ետեւն էր.

11

Աբրահամ ու Սառա ծերացած էին, 3տարիքով յառաջացած՝՝, եւ Սառա դադրած էր կիներու կարգին մէջ ըլլալէ։

12

Ուստի Սառա ինքնիր մէջ խնդաց՝ ըսելով. «Ես պառաւելէս ետք զուարճութի՞ւն պիտի ունենամ, քանի տէրս ալ ծերացած է»։

13

Տէրը Աբրահամի ըսաւ. «Ինչո՞ւ Սառա խնդաց՝ ըսելով. “Միթէ ի՞րապէս պիտի ծնանիմ, ես որ ծերացած եմ”։

14

Միթէ Տէրոջ համար դժուարին բան մը կա՞յ։ Սահմանուած ատենին, 4յաջորդ տարի՝՝, քեզի պիտի վերադառնամ, ու Սառա որդի մը պիտի ունենայ»։

15

Բայց Սառա ուրացաւ եւ ըսաւ. «Չխնդացի՛», քանի որ վախցաւ։ Իսկ ան ըսաւ. «Ո՛չ, խնդացի՛ր»։


ԱԲՐԱՀԱՄԻ ՉՔՄԵՂԱՆՔԸ ՍՈԴՈՄԻ ՀԱՄԱՐ

16

Մարդիկը կանգնեցան՝ որ անկէ մեկնին, եւ 5իրենց երեսը դէպի Սոդոմ դարձուցին՝՝. Աբրահամ զանոնք առաջնորդելու համար անոնց հետ գնաց։

17

Այն ատեն Տէրը ըսաւ. «Միթէ Աբրահամէն ծածկե՞մ ինչ որ պիտի ընեմ.

18

որովհետեւ Աբրահամ անշուշտ մեծ եւ հզօր ազգ մը պիտի ըլլայ, ու երկրի բոլոր ազգերը անով պիտի օրհնուին։

19

Արդարեւ գիտեմ թէ ան իր որդիներուն, եւ իրմէ ետք՝ իր ընտանիքին պիտի պատուիրէ, ու անոնք արդարութիւնը եւ իրաւունքը կիրարկելու համար՝ Տէրոջ ճամբան պիտի պահեն, որպէսզի Տէրը Աբրահամի վրայ բերէ ի՛նչ որ խօսեցաւ»։

20

Տէրը ըսաւ. «Քանի Սոդոմի ու Գոմորի աղաղակը շատցաւ եւ անոնց մեղքը չափազանց ծանրացաւ,

21

այժմ պիտի իջնեմ տեսնելու՝ թէ ամբողջովին ինծի եկած աղաղակին համաձա՛յն ըրին. իսկ եթէ ոչ՝ պիտի գիտնամ»։

22

Այդ մարդիկը անկէ ելան ու դէպի Սոդոմ գացին. իսկ Աբրահամ տակաւին Տէրոջ առջեւ կայնած էր։

23

Աբրահամ մօտեցաւ եւ ըսաւ. «Արդեօք ամբարիշտին հետ արդա՞րն ալ պիտի կորսնցնես։

24

Թերեւս այդ քաղաքին մէջ յիսուն արդար ըլլան. արդեօք անոր մէջ եղող յիսուն արդարին համար չխնայելով՝ պիտի կորսնցնե՞ս այդ տեղը։

25

Հեռո՛ւ քեզմէ՝ որ այսպիսի բան մը ընես, որ արդարը ամբարիշտին հետ մեռցնես, եւ արդարը ամբարիշտի պէս ըլլայ։ Ամե՛նեւին։ Միթէ ամբողջ երկրի Դատաւորը իրաւունք պիտի չգործադրէ՞»։

26

Տէրը պատասխանեց. «Եթէ Սոդոմի մէջ յիսուն արդար գտնեմ՝ քաղաքին մէջ, անոնց պատճառով ամբողջ տեղին պիտի խնայեմ»։

27

Աբրահամ ըսաւ. «Ահա՛ այժմ, ես որ հող ու մոխիր եմ, սկսայ Տէրոջ հետ խօսիլ։

28

Թերեւս յիսուն արդարէն հինգ պակսի. այդ հինգին համար պիտի կործանե՞ս ամբողջ քաղաքը»։ Ան ալ պատասխանեց. «Եթէ հոն քառասունհինգ գտնեմ, պիտի չկործանեմ»։

29

6Վերստին անոր խօսեցաւ՝ ըսելով. «Թերեւս հոն քառասուն գտնուին»։ Ան պատասխանեց. «Քառասունին պատճառով ալ պիտի չընեմ»։

30

Իսկ ինք ըսաւ. «Ո՜հ, Տէրը թող չբորբոքի, եւ խօսիմ. թերեւս հոն երեսուն գտնուին»։ Տէրը պատասխանեց. «Եթէ հոն երեսուն գտնեմ, պիտի չընեմ»։

31

Ինք ալ ըսաւ. «Ահա՛ այժմ սկսայ Տէրոջ հետ խօսիլ. թերեւս հոն քսան գտնուին»։ Ան պատասխանեց. «Քսանին պատճառով ալ պիտի չկործանեմ»։

32

Իսկ ինք ըսաւ. «Ո՜հ, Տէրը թող չբորբոքի, ու միա՛յն այս անգամ ալ խօսիմ. թերեւս հոն տասը գտնուին»։ Ան ալ պատասխանեց. «Տասնին պատճառով ալ պիտի չկործանեմ»։

33

Տէրը գնաց՝ Աբրահամի հետ խօսիլը աւարտելէն անմի՛ջապէս ետք. Աբրահամ ալ իր տեղը վերադարձաւ։



1 Եբր.՝ աչքերուդ
2 Եբր.՝ Կեանքի ժամանակին
3 Եբր.՝ օրերը գացած
4 Եբր.՝ կեանքի ժամանակին
5 Եբր.՝ դէպի Սոդոմ նայեցան
6 Եբր.՝ Անգա՛մ մըն ալ վերստին