Loading...

Genesis 45

Genesis 44  ‹  Genesis 45  ›  Genesis 46  »  Exodus


ՅՈՎՍԷՓ ԻՆՔԶԻՆՔ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷ

1

Յովսէփ չկրցաւ ինքզինք զսպել բոլոր իր քով կայնողներուն առջեւ, ու պոռաց. «Քովէս դո՛ւրս հանեցէք բոլոր մարդիկը»։ Երբ Յովսէփ ինքզինք իր եղբայրներուն ճանչցուց, քովը ո՛չ մէկը կեցած էր։

2

Ձայնը բարձրացնելով լացաւ. Եգիպտացիները լսեցին, ու Փարաւոնի տունն ալ լսեց։

3

Յովսէփ իր եղբայրներուն ըսաւ. «Ես Յովսէ՛փն եմ. իմ հայրս տակաւին ո՞ղջ է»։ Եղբայրները չէին կրնար անոր պատասխանել, որովհետեւ անոր առջեւ շփոթած էին։

4

Յովսէփ իր եղբայրներուն ըսաւ. «Կ’աղերսե՛մ, մօտեցէ՛ք ինծի»։ Անոնք ալ մօտեցան, եւ ըսաւ. «Ես ձեր եղբայրը՝ Յովսէ՛փն եմ, որ Եգիպտոս տարուելու ծախեցիք։

5

Ուստի հիմա մի՛ վշտանաք ու դուք ձեզի դէմ մի՛ բորբոքիք՝ որ զիս հոս ծախեցիք, որովհետեւ Աստուա՛ծ ղրկեց զիս ձեր առջեւէն՝ ձեզ ողջ պահելու համար.

6

արդարեւ ասիկա սովին երկրորդ տարին է երկրի վրայ, եւ տակաւին հինգ տարի կայ՝ որ ո՛չ վարուցան պիտի ըլլայ, ո՛չ ալ հունձք։

7

Աստուա՛ծ զիս ձեր առջեւէն ղրկեց, որպէսզի երկրի վրայ ձեզի պահեստ դնէ ու մեծ ազատումով ձեզ ողջ պահէ։

8

Ուրեմն հիմա զիս հոս ղրկողը դո՛ւք չէք, հապա Աստուա՛ծ է. ան զիս Փարաւոնի հայր նշանակեց, իր ամբողջ տան՝ տէր, ու Եգիպտոսի ամբողջ երկրին՝ կառավարիչ։

9

Շտապելո՛վ բարձրացէք իմ հօրս քով, եւ ըսէ՛ք անոր. “Սա՛ կ’ըսէ քու Յովսէփ որդիդ. "Աստուած ամբողջ Եգիպտոսի տէր ըրաւ զիս։ Մի՛ ուշանար, իջի՛ր իմ քովս։

10

Գեսէմի երկրին մէջ պիտի բնակիս ու իմ մօտս պիտի ըլլաս, դուն, քու որդիներդ եւ որդիներուդ որդիները, ոչխարներդ ու արջառներդ, եւ ամբողջ ունեցածդ։

11

Հոն քեզ պիտի կերակրեմ, որովհետեւ տակաւին հինգ տարի սով կայ. որպէսզի դուն, քու ընտանիքդ ու ամբողջ ունեցածդ չթշուառանաք"”։

12

Ահա՛ ձեր աչքերը, եւ իմ եղբօրս՝ Բենիամինի աչքերը կը տեսնեն թէ ձեզի խօսողը իմ բերանս է։

13

Եգիպտոսի մէջ իմ ունեցած ամբողջ փառքս, ու ձեր ամբողջ տեսածը պատմեցէ՛ք իմ հօրս, եւ շտապելո՛վ հայրս հոս իջեցուցէք»։

14

Ու իր եղբօր՝ Բենիամինի վիզին վրայ ինկաւ եւ լացաւ։ Բենիամինն ալ անոր վիզին վրայ լացաւ։

15

Իր բոլոր եղբայրները համբուրեց ու անոնց վրայ լացաւ. եւ անկէ ետք՝ իր եղբայրները խօսեցան իրեն հետ։

16

Այս լուրը Փարաւոնի տան մէջ լսուեցաւ, թէ Յովսէփի եղբայրները եկած են. ու Փարաւոնի եւ անոր ծառաներուն 1հաճելի եղաւ։

17

Փարաւոն Յովսէփի ըսաւ. «Քու եղբայրներուդ ըսէ՛. “Սա՛ ըրէք. ձեր անասունները բեռցուցէ՛ք ու գացէ՛ք, Քանանի երկիրը մտէ՛ք,

18

ձեր հայրն ու ընտանիքները առէ՛ք եւ ինծի՛ եկէք. Եգիպտոսի երկրին բարիքը ձեզի պիտի տամ, ու երկրին 2պարարտութենէն պիտի ուտէք”։

19

Քեզի պատուիրուեցաւ որ անոնց ըսես. “Սա՛ ըրէք։ Ձեր մանուկներուն եւ կիներուն համար՝ Եգիպտոսի երկրէն սայլե՛ր առէք ձեզի, ձեր հայրը փոխադրեցէ՛ք ու եկէ՛ք։

20

Ձեր առարկաներուն 3մի՛ նայիք՝՝, որովհետեւ ամբողջ Եգիպտոսի երկրին բարիքը ձե՛րն է”»։

21

Իսրայէլի որդիները ա՛յդպէս ըրին։ Յովսէփ անոնց սայլեր տուաւ՝ Փարաւոնի հրամանին համաձայն, եւ ճամբորդութեան համար անոնց պաշար տուաւ։

22

Անոնցմէ իւրաքանչիւրին՝ զատ-զատ փոխելիք հանդերձներ տուաւ, բայց Բենիամինի՝ երեք հարիւր կտոր արծաթ ու հինգ փոխելիք հանդերձ տուաւ։

23

Իսկ իր հօր հետեւեալը ղրկեց.— տասը էշ՝ Եգիպտոսի բարիքներով բեռցուած, ու տասը մատակ էշ՝ ցորենով, հացով եւ ուտելիքներով բեռցուած, իր հօր ճամբորդութեան համար։

24

Ա՛յսպէս ուղարկեց իր եղբայրները, ու գացին. եւ անոնց ըսաւ. «Ճամբան մի՛ կռուիք»։

25

Անոնք Եգիպտոսէն բարձրացան ու դէպի Քանանի երկիրը, իրենց հօր՝ Յակոբի գացին

26

եւ անոր պատմեցին՝ ըսելով. «Յովսէփ տակաւին ողջ է, ու Եգիպտոսի ամբողջ երկրին կառավարիչը անիկա՛ է»։ Յակոբի սիրտը նուաղեցաւ, քանի որ անոնց չհաւատաց։

27

Անոր հաղորդեցին Յովսէփի բոլոր խօսքերը՝ որ իրենց ըսեր էր։ Երբ տեսաւ Յովսէփի ղրկած սայլերը՝ զինք փոխադրելու համար, անոնց հօր՝ Յակոբի հոգին վերապրեցաւ։

28

Եւ Իսրայէլ ըսաւ. «Բաւակա՛ն է. իմ որդիս՝ Յովսէփ տակաւին ողջ է։ Երթա՛մ ու տեսնե՛մ զայն՝ մեռնելէս առաջ»։



1 Եբր.՝ աչքերուն լաւ
2 Եբր.՝ ճարպը
3 Եբր.՝ ձեր աչքերը թող չխնայեն